ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան զարմանալի կը համարէ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին «Ծառուկեան դաշինք» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններուն կողմէ կողմ քուէարկելը: «Որոշակի խուճապ կ՝արձանագրուի Հանրապետական կուսակցութեան շարքերուն մէջ եւ ինծի համար շատ զարմանալի էր, որ այդ շարքերուն միացած են նաեւ «Ծառուկեան դաշինք» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ անդամները: Ես որեւէ խնդիր չեմ տեսներ եւ կը կարծեմ՝ նոյնիսկ այս խուճապը չի կրնար որեւէ կերպ Ազգային ժողովի օրինականութիւնը աւելցնել: ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները անխուսեփելի են եւ անոնք տեղի պիտի ունենան այս տարի»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Աւինեանը ըսած է քիչ առաջ Բաղրամեան պողոտայի վրայ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:
Միաժամանակ, փոխվարչապետը չէ պատասխանած այն հարցին, թէ արդեօք պաշտօնանկութիւններ կը սպասուին կառավարութեան կազմէն ներս:
Նշենք, որ նախագիծին կողմ քուէարկած է ԱԺ 67 պատգամաւոր՝ Հանրապետական, «Ծառուկեան դաշինք» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններէն: