Թուրքիոյ մէջ մեկնարկած է արտահերթ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւնները:
Այսօր՝ 24 յունիսի առաւօտեան ժամը 8:00-էն ընտրատեղամասերը արդէն իրենց դռները բացած են ընտրողներուն առաջ եւ քուէարկութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ ժամը 17:00-ը:
Յիշեցնենք, որ Խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցի 8 կուսակցութիւն: 2018-ի սկիզբը ընտրական օրէնսգիրքի մէջ կատարուած փոփոխութիւնը հնարաւորութիւն ընձեռեց կուսակցութիւններուն ընտրութիւններուն մասնակցիլ դաշինքներու միջոցաւ, ինչի արդիւնքով, այսօր, ընտրութիւններուն իշխող ԱԶԿ-ը «Ժողովրդական դաշինք»-ի ներքոյ հանդէս կու գայ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (ԱՇԿ) հետ միասին: Իսկ ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնը (ՀԺԿ), «Լավ», «Երջանկութիւն» («Սաատէթ») կուսակցութիւնները միաւորուած են «Ազգային դաշինք»-ի ներքոյ: Քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւն (ԺԴԿ), ինչպէս նաեւ «Հայրենիք» («Վաթան») եւ «Ազատ գործ» («Հիւր Տաւա») կուսակցութիւնները հանդէս կու գան առանց դաշինքներու:
Նախագահական ընտրութիւններուն կը մասնակցին 6 թեկնածուներ՝ «Ժողովրդական դաշինք»-ի թեկնածու, գործող նախագահ Էրտողանը, ՀԺԿ թեկնածու Մուհարեմ Ինճէն, «Լավ» կուսակցութենէն՝ Մերալ Աքշէնէրը, ԺԴԿ-էն՝ Սելահատտին Տէմիրթաշը, «Երջանկութիւն»-էն՝ Թեմէլ Քարամոլլաօղլուն եւ «Հայրենիք»-էն՝ Տողու Պերինչէքը:
Նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ տանելու համար Էրտողանը պէտք է ստանայ ձայներու աւելի քան 50 տոկոսը, հակառակ պարագային 8 յուլիսին տեղի կ'ունենայ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն կի մասնակցին ամենաշատ ձայներ ստացած երկու գործիչներ: