«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հասարակական գործիչ եւ «Ազատ օր»ի խմբագիր Քերոբ Էքիզեան:
-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։
Մեր թերթի խմբագրական վերջին նշմարին մէջ նշած էինք՝ «Հայ ժողովուրդը կանգնած է համազգային զգօնութիւնը եւ հաւաքական սթափութիւնը Հայաստանի յաջորդ օրուան առաջնորդող ուժը դարձնելու հրամայական անհրաժեշտութեան առջեւ»։ Այդ կը նշանակէ, որ փորձարկումներու ժամանակը չէ այլեւս։ Այսօր Հայաստան կը դիմագրաւէ բազմատեսակ տագնապ մը, որ բացի երկրի անվտանգութեան տագնապ ըլլալէ, արժէքներու, ընկերային համոզումներու եւ մեր ժողովուրդի կերպարի այլափոխութիւնն է, որ հետզհետէ կ՚ազդէ մեր երկրի ընկերա-բարոյական ըմբռնումներուն վրայ։ Հետեւաբար, պիտի փափաքէի տեսնել, որ կիրակի օր տեղի ունենալիք ընտրութիւնները նոր սկիզբի մը ազդանշանը տային։ Սակայն, իրերամերժ ու վարկաբեկիչ հայհոյանքներու ապառողջ մթնոլորտին մէջ վախ կայ, որ այն շարունակուի նաեւ ընտրութիւններէն յետոյ գալիք քաղաքական կեանքին մէջ։ Ուրեմն, ինքը՝ ժողովուրդը ցոյց պէտք է տայ այն քաղաքական հասունութիւնը, իր վստահութիւնը տալով քաղաքական խօսք, տեսլական եւ համակարգուած աշխատանքի ցայտուն պատկերը տուող միասնական ուժերուն։
-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։
Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք կեդրոնական հրապարակի մը ապահովումը «յաղթանակ տօնելու» մտադրութեամբ կրնայ նաեւ ճիշդ հակառակ արդիւնքը տալ։ Ամէն կերպով պէտք է խուսափիլ նոր «Մարտ 1» հրահրել։ Որեւէ այլ երկիրի մէջ չէ նշմարուած ընտրութիւններէն ետք «յաղթանակի» ելոյթներ կազմակերպել, որ ինչպէս արդէն ըսի, պարտութեան մը պարագային այն կրնայ անկանխատեսելի ուղիներէ անցնիլ։ Հոս, շատ մեծ է իշխող վարչախումբի պատասխանատուութիւնը, որ պարտի խուսափիլ քաղաքական «ռեւանշ»ի մթնոլորտ ստեղծելէ, այդպէս ինչպէս երեք տարիէ ի վեր կը լսուի։ Հաւանաբար, ոմանց համար շիկացած մթնոլորտը կրնայ հաճելի ըլլայ, սակայն երկրի մը քաղաքական կեանքը չի կրնար կառավարուիլ նման ըմբռնումներով։
-Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։
Ինչպէս արդէն ըսի, Հայաստան կը դիմագրաւէ բազմատեսակ տագնապ մը։ Նոր կառավարութեան մը երեւումը պէտք է անպայմանօրէն կապուած ըլլայ նաեւ քաղաքական եւ ընկերային հանդարտ եւ համերաշխ մթնոլորտի մը ստեղծումով։ Այս մէկը պետութեան գլուխը գտնուելիք վարչակազմի գլխաւոր պատասխանատուութիւնն է, որուն պէտք է սատարեն նաեւ խորհրդարանական բոլոր ուժերը։ Պատերազմէն ետք, ամէն ինչ փոխուած է Հայաստանին համար, ներքին եւ արտաքին ոլորտներուն վրայ։ Քաղաքական ուժերու պարտականութիւնն է վերականգնել Հայաստանի ներքին կեանքը, միաժամանակ հզօրացնել երկրի դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ, որ արդէն այսօր խոցուած է, իսկ անոր արտաքին քաղաքականութիւնը անգլուխ կը շարունակէ մնալ։