Անհասկնալի քայլով մը Թուրքիոյ իշխանութիւնները արգելք դրած են Տրապիզոնի Յունաց Սիւմէլա վանքին մէջ օրերս կայացուելիք արարողութեանց դէմ: Այս մասին գրող աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ Թուրք պաշտօնատարներ արգիլլած են Սուրբ Աստուածածնայ տօնին առթիւ Տրապիզոնի Յունաց Սիւմէլա վանքին մէջ տեղի ունենալիք բոլոր արարողութիւնները: Երկրի յոյն շրջանակներ քայլը դատապարտելէ բացի, զայն նկատած են փոքրամասնութիւններու դէմ եղած հերթական ճնշում: Իսկ պետական մարմիններ արգելքին մասին լուսաբանութիւն տալով ըսած են, որ վանքը կը գտնուի նորոգման փուլի մը մէջ եւ այդ իսկ պատճառով աւելի նպատակայրամար է այնտեղ արարողութիւններ չկատարել: Պետութեան կողմէ եղած կարգադրութիւնը բողոքի լայն ալիք բարձրացուցած է նաեւ Աթէնքի մէջ, ուր մէկէ աւելի թերթեր սուր կերպով քննադատած են այդ որոշումը եւ զայն համարած անընդունելի: Նշենք, մինչեւ 2010 թուական Տրապիզոնի յոյներու Սիւմէլա վանքը կը մնար վանքը կը մնար փակուած: