image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը Պէյրութ պիտի այցելէ

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը Պէյրութ  պիտի  այցելէ

Պէյրութ («Վի.Տի.Էլ.»)-  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մէյլութ Չաւուշօղլու   յառաջիկայ  երկուշաբթի օր Պէյրութ   պիտի  ժամանէ: Թուրք նախարարը հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի, նորնաշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի հետ: Նախատեսուած է , որ Չաւուշօղլու այցելէ Պէյրութի Սարայլ, ուր պիտի տեսնուի վարչապետի գործակատար Թամմամ Սալամի հետ:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու,   Չաւուշօղլու շնորհաւորական նամակ մը պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ նախագահէն՝ ուղղուած  Զօր. Աունին: