Պէյրութ («Վի.Տի.Էլ.»)- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մէյլութ Չաւուշօղլու յառաջիկայ երկուշաբթի օր Պէյրութ պիտի ժամանէ: Թուրք նախարարը հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի, նորնաշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի հետ: Նախատեսուած է , որ Չաւուշօղլու այցելէ Պէյրութի Սարայլ, ուր պիտի տեսնուի վարչապետի գործակատար Թամմամ Սալամի հետ:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Չաւուշօղլու շնորհաւորական նամակ մը պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ նախագահէն՝ ուղղուած Զօր. Աունին: