image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումը միայն Անգարայի եւ Երեւանի հարցն է. ՆԱԹՕ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումը միայն Անգարայի եւ Երեւանի հարցն է. ՆԱԹՕ

ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի բացումը միայն այդ երկու երկիրներուն խնդիրն է. այս մասին գրած է թրքական «hedefhalk.com» կայքը:

Պոլսոյ մէջ կայացած ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովի 62րդ նստաշրջանին ընթացքին, ընդհանուր քարտուղարը պատասխանած է հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Կորիւն Նահապետեանի այն դիտարկումին, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակ պահող թրքական իշխանութիւններուն համար, այս իրավիճակը դժուարութիւններ կը ստեղծէ նաեւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ բանակցութիւններուն մէջ:

«Ասիկա երկկողմանի խնդիր է եւ պէտք է քննարկուի երկկողմանի մակարդակով: Այս մէկը միայն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի խնդիրն է», շեշտած է Սթոլթենպերկ:

Թրքական կայքը Կորիւն Նահապետեանի հարցումը «սադրի»չ որակած է: Աւելի կանուխ, Կորիւն Նահապետեան նաեւ մերկացուցած էր Թուրքիան՝ նիստը հիւրընկալող երկիրը ներկայացնելով իբրեւ ահաբեկչութիւն հովանաւորող պետութիւն: Հայ պատգամաւորին այս պնդումը զայրացուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն։

Նահապետեան յայտարարած էր նաեւ, որ Թուրքիա կ՛աջակցի «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման, որուն ի պատասխան՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ հայկական կողմին պնդումը «անարդար» է: