Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտուած է շուրջ 85 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1100 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ սահմանի հիւսիսային՝ Վերին Չայլուի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է հակաթանկային նռնականետ (4 արկ) եւ ականանետ (1 արկ):