Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի նիւզ»- Պոլիս)- Մէկ ոստիկան եւ մէկ զինծառայող սպանուած են Թուրքիոյ Մարտինի հարաւարեւելեան կողմը գտնուող Նուսայպին շրջանին մէջ, 27 մարտին, Քրտական Բանւորական կուսակցութեան (PKK) կողմէ իրականացուած յարձակումներու հետեւանքով, մինչ շրջանին մէջ անվտանգութեան ուժերու գործողութիւնները թեւակոխած էր իր երկրորդ շաբաթը: Այս մասին կը փոխանցէ «Հիւրրիյէթ», նշելով, որ Թուրքիոյ սպայակոյտի մարմինը այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս գալով յայտնած է, որ բացի զոհուածներէն, մէկ բանակային մը եւ 5 ոստիկաններ եւս ստացած են ծանր վնասուածքներ, շարունակուող բախումներու ընթացքին եւ անմիջապէս տեղափոխուած՝ հիւանդանոց:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, թէ ընդհանուր 13 PKK- ի զինեալներ սպանուած են, 26 մարտին շրջանին մէջ տեղ գտած գործողութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ 12 այլ զինեալներ՝ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանի Հաքքարի նահանգի Շիրնաք եւ Եիւքսէքովա շրջաններուն մէջ: