image

Թրամբի նոր «անակնկալ»ը. «Անցնինք Ռուսաստանի կողմը»

Թրամբի նոր «անակնկալ»ը. «Անցնինք Ռուսաստանի կողմը»

Գանատայի մէջ կայացած «Մեծ եօթնեակ»ի գագաթնաժողովի ժամանակ Թրամբ անակնկալի բերած է ներկաները, Ղրիմի շուրջ խնդրայարոյց յայտարարութիւն կատարելով:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Թրամբ «Մեծ եօթնեակ»ի ղեկավարներուն ներկայութեամբ յայտարարած է, թէ Ղրիմ ռուսական տարածաշրջան է, որովհետեւ անոր բնակիչները ռուսերէն կը խօսին:

Գագաթնաժողովի ժամանակ Թրամբ խօսքն ուղղելով եւրոպական երկիրներուն հարցուցած է, թէ ինչո'ւ վերջիններս կ'աջակցին Ուքրանիոյ այն պարագային, երբ վերջինս կը համարուի կաշառակերութեան մէջ ներգրաւուած աշխարհի խոշորագոյն երկիրներէն մէկը: