image

Տաւուշի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած երկու պարագաներ կան. Մարզպետ

Տաւուշի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած երկու պարագաներ կան. Մարզպետ

Տաւուշի մարզի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի երկու դէպք։ Այս մասին յայտնած է Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեանը։

Գրառումը կը ներկայացնենք ստորեւ․
«Առաջինը վարորդ է արտերկրէն, մեկուսացուած է սահմանը հատելուն պէս։ Երկրորդ դէպքը Դիլիճան քաղաքի մէջ է։ Իրավիճակի կառավարման բոլոր քայլերն իրականացուած են, բոլոր հաւանական շփման մէջ եղած անձինք մեկուսացուած կամ ինքնամեկուսացուած են, կը գտնուին յատուկ հսկողութեան տակ։ Հիւանդները տեղափոխուած են մասնագիտացուած բուժհաստատութիւն, իրենց լաւ կը զգան։
Բոլորիս խաղաղութիւն եւ առողջութիւն կը մաղթեմ»,- գրած է Հայկ Չոպանեանը։