Հայաստանի մէջ 8 մայիսի, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 411 նոր դէպք, առողջացած է 814 քաղաքացի, մահացած է՝ 16-ը: Մէկ օրուան մէջ կատարուած է 4231 քննութիւն: Քննութիւններու ընդհանուր թիւը այսպիսով հասած է 1 012 538-ի:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 219 092 դէպք, որոնցմէ 204 121-ն առողջացման, 4225-ը՝ մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9708 հիւանդ: Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդներն ունեցած են «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած այլ հիւանդութեան պատճառով։
Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 1038 է: