image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտացի երգիչ՝ Ալի Հաժժար վարակուած «Քորոնա»ով

Եգիպտացի երգիչ՝ Ալի Հաժժար վարակուած «Քորոնա»ով

«Ծանր հիւրը այցելեց ինձ ու կնոջս... փառք Աստուծոյ ամէն ինչի համար...աղօթեցէք մեր  առողջութեան  համար»,- այսպէս գրած է եգիպտացի յայտնի երգիչ՝ Ալի Հաժժար իր դիմատետրեան էջով, ակնարկելով, թէ ինք ու կինը վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:

Կը նշուի  նաեւ, որ  Եգիպտոսի մէջ շատ մը արուեստագէտներ վարակուած են այս համաճարակի ժահրով, որոնցմէ վերջինն էր կատակերգակ՝ Սամիր Ղանէմ, ան դժբախտաբար զոհը դարձաւ հիւանդութեան: Ղանէմի կինը՝ դերասանուհի՝ Տալալ Ապտ Ալ Ազիզ նաեւ վարակուած է նոյն ժահրով, եւ  ան բուժում կը ստանայ հիւնադանոցին մէջ:

Ալի Հաժժար դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում ըրած է «Մնաք բարով մեծագոյն արուեստագէտ ու կատակերգակ Սամիր Ղանէմ», ու ցաւակցութիւն յայտնած է անոր ընտանիքին:

Լուրը՝ skynewsarabia-էն