image

Տաւուշի մէջ հայկական կողմը զսպիչ գործողութիւններու դիմեց

Տաւուշի  մէջ  հայկական կողմը  զսպիչ  գործողութիւններու  դիմեց

 

Տաւուշի հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմը փորձած է ճարտարապետական աշխատանքներ իրականացնել առաջնագիծին։ Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին տեղեկացուցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը։

 

«Հայկական կողմը նախազգուշացնող կրակ բացած է»,-նշած է ան։

Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, նշելով, որ Ղազախի շրջանի ուղղութեամբ «հայկական կողմէն դիպուկահարի կրակոցէն» սպանուած է սահմանապահ զինծառայող Ֆարզալի Ֆարզալիեւը: Ըստ ատրպէյճանական կողմի՝ դէպքը տեղի ունեցած է Յունուար 7-ին, ժամը 14:56-ին: