image
Հրատապ լուրեր:

ՏԱՀԷՇ Կը սպառնայ թունաւոր կազերով գրոհներ կատարել Եւրոպայի մէջ

ՏԱՀԷՇ Կը սպառնայ թունաւոր կազերով գրոհներ կատարել Եւրոպայի մէջ

ՄԱԿ-ի քիմիական զինուժի արգելման կազմակերպութենէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը զգուշացուցած է, թէ Սուրիայէն վերադարձած ծայրայեղ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման անդամները, մանանեխի կազը օգտագործելով կրնան յարձակումներ գործել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ», աւելցնելով թէ անոնք պատերազմի դաշտին մէջ, տիրապետած են այս թունաւոր նիւթին օգտագործման եղանակներուն:Եւրոպացի պատասխանատուներ մտահոգութիւն յայտնած են, որ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման անդամները, որոնք մարտեր կը մղեն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրենց գրաւած տարածքներուն վրայ, կոչ պիտի ուղղեն ռազմաճակատէն վերադարձած իրենց հետեւորդներուն, նոր յարձակումներ գործել արեւմուտքի մէջ: