image

Հայ հսկան ջախջախեց ատրպէյճանցիին ու դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան

Հայ հսկան ջախջախեց ատրպէյճանցիին ու դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան

Տորթմունտի մէջ աւարտած  ազատ ոճի ըմբշամարտի Մ21 Եւրոպայի առաջնութեան վերջին գօտեմարտի մէջ հայ հսկայ, 125 քկ քաշային Լիովա Գէորգեանը 11-0 հաշուով ջախջախեց ատրպէյճանցի Այտին Ախմատովին եւ հռչակուեցաւ ախոյեան:

Լիովան փայլուն հանդէս եկաւ այս մրցաշարին եւ տարաւ չորս յաղթանակ: Յիշեցնենք, որ կիսաեզրափակչում ան 10-2 հաշուով յաղթած էր  ռուսաստանցի Արսամագ Զասէեւին:

Լիովան 5-րդ մետալը նուաճեց մեր հաւաքականի համար: Մինչ այդ մեր տղաները նուաճած էին երկուական արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներ: