image

Սուրիոյ քիւրտերը մերժած են Դամասկոսի առաջարկը

Սուրիոյ քիւրտերը մերժած են Դամասկոսի առաջարկը

«Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Դամասկոս Սուրիոյ քիւրտերուն խոստացած է ինքնավարութիւն շնորհել, փոխարէնը առաջարկելով անոնց ետ քաշուիլ այն շրջաններէն, որոնց բնակչութեան մեծամասնութիւնը արաբ է, եւ որոնք Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ գրաւուած են քիւրտերու կողմէ, սակայն անոնք մերժած են:


Աղբիւրը նշած է, որ առաջարկը ներկայացուած է Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի նախագահ  զօր. Ալի Մէմլուքի  եւ Քիւրտիստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամներու միջեւ կայացած հանդիպման ժամանակ, որ տեղի ունեցած է Սուրիոյ կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող Քամիշլի քաղաքին մէջ:


Հաւաստի աղբիւրներու փոխանցմամբ, Մէմլուք  քրտական կուսակցութեան անդամներուն առաջարկած է երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ «ինքնավար մարզ» տրամադրել քիւրտերուն, սակայն վերջինններս մերժած են առաջարկը, պահանջելով «Սահմանադրութեամբ պաշտպանուած դաշնային շրջան» («Քանթոն») յայտարարել: