image

«Իմ Քայլ»ական Սիսակ Գաբրիէլեան մեկնաբանեց Փաշինեանի բանավէճ կատարելու առաջարկը

«Իմ Քայլ»ական Սիսակ Գաբրիէլեան մեկնաբանեց Փաշինեանի բանավէճ կատարելու առաջարկը

 

Վարչապետի ըսածը բացառապէս փոխաբերութիւններու ծիրի մէջ է։ Մենք երկրէն ներս թշնամիմներ չունինք եւ չենք փնտռեր։ Այս մասին ԱԺ խորհրդարանական ճեպազրոյցների ընթացքին յայտարարած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը՝ անդրադառնալով դիտարկման, որ իշխանութիւնը «ակրեսիւ» քարոզարշաւ կ'ընէ։
«Մենք այսօր օրնիբուն զբաղուած ենք ՀՀ անվտանգային հարցերը կառավարելի պահելով եւ դրանց հետ կապուած լուծումներ փնտռելով»,-նշած է ան։

Իմքայլական պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեանն ալ ընդգծած է՝ քաղաքական բանավէճի դաշտին մէջ պէտք է ըլլան յայտարարութիւնները, ապա յիշեցուց՝ Փաշինեանը քաղաքական ուժերուն ուղիղ եթերով բանավէճի առաջարկ ըրած է որ մինչ այս պահը մերժուած է։

«Սա ժողովրդավարական երկրներին յատուկ նախընտրական քարոզարշաւի տեսակ է։ Ես լիայոյս եմ, որ այդ ուժերն իրենց մէջ տղամարդկութիւն կը գտնեն եւ ուղիղ եթերում, հանրութեան առաջ կը բանավիճեն, եւ բոլոր հարցերի պատասխաննները կը տրուեն»,-ըսած է ան։

Հայկ Կոնճորեանն ալ աւելցուցած է․ «Բանավէճի ժամանակ իւրաքանչիւրն իր խիզախութիւնը, տղամարդկութիւնը, խելացիութիւնը, հայերէնին տիրապետելու կամ չտիրապետելու իր հմտութիւննները պէտք է ուղիղ եթերով ի ցոյց դնի ժողովրդին։ Ժողովուրդը, որ պէտք է ընտրի, իրաւունք ունի տեսնել, թէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի առաջնորդ ուղիղ եթերով ինչպէս է դրսեւորում իրեն։ Եթէ վախենալու, սարսափելու բան չունեն ուղիղ եթերով անպատրաստից հարցերին պատասխանելու, ապա բոլորը պէտք է ընդունեն բանավէճի հրաւէրը»։

Յիշեցնենք՝ Նիկոլ Փաշինեանը բանավէճի առաջարկ ըրած էր ՀՀ առաջին եւ երկրորդ նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին եւ Ռոպերթ Քոչարեանին։