Յառաջիկայ ժամերուն Սուրիոյ մէջ համընդհանուր հրադադար կրնայ յայտարարուիլ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը նշեն, որ Չինաստանի Հանկզու քաղաքին մէջ ընթացող Մեծն Քսանեակ G 20 -ի ժողովներու ծիրին մէջ ռուս- ամերիկեան բարձրաստիճան քննարկումներ կայացած են Սուրիոյ մէջ հրադադար մը հաստատելու վերաբերեալ: ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա, որ երէկ հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ յայտարարած էր, թէ Սուրիոյ տագնապին գծով ԱՄՆ- Թուրքիա կարեւոր համաձայնութիւններ եղած են կողմերուն միջեւ: Օպամա նաեւ ըսած էր, թէ Սուրիոյ հարցով ռուսերուն հետ «բաւական վտանգաւոր» տարակարծութիւններ կան չթաքցնելով նաեւ, որ «ռուսերուն հետ Սուրիոյ հարցով բանակցութիւնները կարեւոր բանալի են տագնապի լուծման համար»: