image

Սուրիոյ մէջ հրադադար հաստատելու մասին խօսակցութիւններ կը տարուին

Սուրիոյ մէջ   հրադադար  հաստատելու մասին  խօսակցութիւններ  կը տարուին

   Յառաջիկայ ժամերուն  Սուրիոյ մէջ համընդհանուր  հրադադար  կրնայ յայտարարուիլ: Այս  մասին լուր փոխանցող  աղբիւրներ կը նշեն, որ Չինաստանի   Հանկզու քաղաքին մէջ  ընթացող    Մեծն  Քսանեակ  G 20 -ի      ժողովներու ծիրին մէջ    ռուս- ամերիկեան  բարձրաստիճան   քննարկումներ  կայացած են  Սուրիոյ  մէջ հրադադար մը հաստատելու վերաբերեալ: ԱՄՆ  նախագահ Պարաք Օպամա, որ երէկ  հանդիպում ունեցած էր  Թուրքիոյ նախագահ   Էրտողանի   հետ  յայտարարած էր, թէ  Սուրիոյ տագնապին գծով ԱՄՆ- Թուրքիա  կարեւոր   համաձայնութիւններ     եղած  են կողմերուն միջեւ: Օպամա  նաեւ ըսած էր, թէ   Սուրիոյ հարցով ռուսերուն  հետ  «բաւական  վտանգաւոր»   տարակարծութիւններ կան չթաքցնելով  նաեւ, որ «ռուսերուն հետ  Սուրիոյ հարցով բանակցութիւնները կարեւոր բանալի են տագնապի լուծման համար»: