image

Սուրիոյ բանակը պաշարման տակ առաւ Հալէպի ընդդիմադիր զինեալները

Սուրիոյ բանակը պաշարման տակ առաւ Հալէպի ընդդիմադիր  զինեալները

Սուրիոյ բանակը այսօր յետմիջօրէին գրաւեց  քաղաքի հարաւային հատուածին  մէջ եղող  «Քլիյաթ թասլիհ» («Վերազինման   հիմնարկ») անունով յայտնի  շրջանը եւ պաշարման օղակի տակ  առաւ քաղաքին մէջ եղող ընդդիմադիր բոլոր  խմբաւորումները:  Լուրը  փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ  այս քայլով բանակը կտրած  պիտի ըլլայ ահաբեկիչ զինեալներուն պարէնի վերջին եւ հիմնական ճանապարհը: Կը նշուի նաեւ, որ այս  ընթացքով ընդդիմադիրները ծանր դրութեան կը մատնուին նաեւ Րամուսա շրջանին  մէջ, ուր անցնող մէկ ամսուան ընթացքին բանակը ծանր մարտեր կը մղէ զինեալներուն դէմ:  Այլ գետնի վրայ  եւ ըստ «Ալ Մարսատ  ալ սուրի»  կայքին,   Տահէշ    ծայրայեղական խմբաւորումը  այսօր   կորսնցուցած է   Թուրքիա, Սուրիա սահմանային   շրջանին մօտ եղող իր վերջին դիրքերը:  Յիշեցնենք, որ  թրքական բանակը շուրջ  տասն օր առաջ զինուորական  ջոկատներ գործի լծելով հատած էր սուրիական սահմանը եւ մուտք  գործած՝ Ճարապլուս քաղաք: Մինչ պաշտօնական Անգարա կը հաւաստէր, որ բանակի  սուրիական հողեր ներխուժման հիմնական պատճառը Տահէշի դէմ միջազգային պայքարին աշխուժ կերպով մասնակցիլն էր, անդին քրտական տարբեր աղբիւրներ կը յայտատարէին, որ  Թուրքիոյ հիմնական նպատակը քիւրտերու  կողմէ  ստեղծուած  «գանթոնային» շրջաններու  ջլատումն է: Երեւելի է նաեւ, որ թրքական բանակի քայլը կը կատարուի Մոսկուայի անմիջական «կանաչ լոյս»ով: