image

Սուրիոյ բանակը Խան Թումանի մէջ ծանր հարուած տուաւ ահաբեկիչներուն. Al Mayadeen.net

Սուրիոյ բանակը  Խան  Թումանի մէջ ծանր հարուած տուաւ ահաբեկիչներուն. Al Mayadeen.net

Մինչ Հալէպի արեւմտեան եւ հարաւային ծայրամասերուն մէջ   ծանր մարտերը կը  շարունակուին, անդին  ՄԱԿ-ի  տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ կրակի  դադրեցման համար  երեւելի բանակցութիւններ կը տարուին: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ   BBC Arabic կայանը, որ նաեւ կը  հաղորդէ, թէ բանակցութեանց մասին այսօր խօսած է ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրայի  անձնական  ներկայացուցիչ Րամզի Ըզ Ալ Տին: Ըզ Ալ Տին ըսած  է, որ իրենք  յուսահատելու   իրաւունք չունին,  նկատել տալով, որ  Հալէպի ծայրամասերուն  մէջ մարդկային  ծանր  եւ մտահոգիչ  իրավիճակ կը տիրէ:   Պի. Պի. Սի. իր կարգին կը մատնանշէ, որ  որպէս ընդդիմադիր ներկայացող   խմբաւորումներուն տիրապետութեան տակ եղող 18  շրջաններու համար   մարդասիրական օգնութիւններ ուղղարկուած են, բայց  օգնութիւնները հասած են միայն 4 շրջաններու:  Սուրիոյ կառավարութեան  աղբիւրներ իրենց կարգին կը հաղորդեն, որ  սուրիական  բանակը   ծանր հարուածներ տուած է  ահաբեկիչ զինեալներուն  եւ մանաւանդ քաղաքի արեւելեան  հատուածներուն մէջ: Իշխանութիւնները նաեւ հերքած են բոլոր այն լուրերը, ըստ որոնց ընդդիմութիւնը  երեւելի յառաջխաղացք կատարած է Հալէպի Աթարէպ շրջանին մէջ:   Ըստ տարբեր աղբիւրներու, անցնող    մէկ շաբթուան ընթացքին  Հալէպի մէջ ահաբեկիչ  զինեալներու  շուրջ  200  զինեալներ սպաննուած են: Իր կարգին «Ալ Մայատին» կայանը կը հաղորդէ, որ   Սուրիոյ բանակը   յաջողած է ջախջախել ընդդիմադիրներուն կողմէ կատարուած    չորրորդ յարձակումը եւ մարտերու ընթացքին սպաննուած են  40 ընդդիմադիր   զինեալներ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ծանր մարտեր եղած են յատկապէս Հալէպի Խան Թուման շրջանին  մէջ, ուր  ընդդիմադիր «Ֆայլաք Ալ շամ» խմբաւորման  բարձրաստիճան պատասխանատու մը սպաննուած  է եւ ընդդիմադիր   զինեալները  կրած են  ծանր կորուստներ: