Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ կողմէ յայտարարուած «Ձիթենեաց ճիւղ» ռազմական գործողութիւններու ծիրին մէջ «Ալ Մայատին» կայանը , վկայակոչելով իր աղբիւրը, յայտնած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան ու թրքական ուժերուն միջեւ բանակցութիւնները յառաջիկայ օրերուն դրական արդիւնք պիտի տան:
Միւս կողմէ սուրիական աղբիւրներ նշած են, որ Աֆրինը պաշտպանելու վերաբերեալ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆայսալ Ալ Միքտատի խոստումը գործադրման շեմին է, իսկ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերը օրերս յայտարարեցին, թէ դէմ չեն Աֆրինը պաշտպանելու նպատակով սուրիական ուժերու քաղաք ներխուժման: