Ժիպէյլի մէջ երէկ զոհուած Փիլիպոսեան զոհուած է Սամուէլ Պոյաճեանի սխալ կրակոցին հետեւանքով: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Ժիպէյլի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ սպաննութիւնը եղած է «Թռչնոց Բոյն» որբանոցի տարածքին մերձ, ուր հաստատութեան տնօրէն՝ Սամուէլ Պոյաճեան կը փորձէր կրակ բանալ փողոցային շուներու վրայ: Սխալ կրակոցներ ստացած հալէպահայ Աբրահամ Փիլիպոսեան (43 տարեկան) ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք զոհուած է: Տեղի ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է դէպքին շուրջ եւ Սամուէլ Պոյաճեան ներկայիս կը գտնուի կալանքի տակ: