Պէյրութի մէջ, Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդառաջ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը կազմակերպած է Համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս պիտի գայ վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, որ կը ղեկավարէ խմբավար՝ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանը: Նշենք, որ համերգը կը վայելէ Արհիապատիւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի հովանաւորութիւնը եւ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 21 Դեկտեմբեր, 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պուրճ Համուտի ՀԿՄ «Յովհաննէս Պօղոսեան»ի սրահին մէջ: Նշենք, որ Մեսրոպեան Վարժարանը հիմնադրուած ըլլալով 1939-ին, անցած տարի նշած էր իր հիմնադրութեան 75-Ամեակը: Վարժարանի տնօրէնութիւնը ներկայիս կը վարէ պրն. Կրէկուար Գալուստը: