Նախագահ Բակօ Սահակեանը 2 Սեպտեմբերին մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձին նուիրված տօնական միջոցառումներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահականի պաշտօնական կայքը:
Նախագահ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրած է Արցախի անկախութեան եւ ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:
Միջոցառումներուն մասնակցած են ԱՀ երկրորդ Նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ սփիւռքէն եւ հիւրեր արտերկրէն: