image

28 Մայիս. Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անկախութեան ու ազատութեան հռչակման հրաշափառ տօն. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան

28 Մայիս. Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անկախութեան ու ազատութեան հռչակման հրաշափառ տօն. Տ. Թորգոմ եպս.  Տօնոյեան

103 տարի առաջ, 28 Մայիս 1918ին, երիտասարդ յեղափոխական եւ տեսլապաշտ, քաջարի ու օժտեալ Արամ Մանուկեանի կողմէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումը դարաւոր ստրկութեան ու լուծին, ոչնչացման վտանգին ու ցեղային բնաջնջման ենթարկուած հայ ժողովուրդի արդար պոռթկումին ցոլացումն է, անիրաւութեանց մէջ խեղդուած հայ ազգի զաւակներուն գերմարդկային ճիչն է, հայ ֆետայիներու ազատատենչութեան ու պայքարունակ կեցուածքին հայելիացումն է եւ շղթայուած բի՜ւր ձեռքերու դէպի Ազատ Անկախ Հայաստան արձակման ոգեղէն երազն է:

Արամ Մանուկեան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հանդիսացաւ այն իւրայատուկ կերպարը, որ պատմական օրհնաբեր պահու մը Հայկեան սխրագործ ոգիին կողքին իմաստութիւնը ունեցաւ ստեղծելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ անմահացուց յիշատակը մեր ազգի նահատակներուն, ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը շնորհեց ողջերուն, ազգային դրօշ, զինանշան ու քայլերգ պարգեւեց հայուն նորաստեղծ հայրենիքին եւ պայծառ արեւի ներքոյ հայօրէ՛ն գոյատեւելու, արարելու եւ բարգաւաճելու ե՛լքը ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդի հետագայ սերունդներուն:

28 Մայիս է դարձեալ: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անկախութեան ու ազատութեան հռչակման հրաշափառ տօնն է ահա՛: Իւրաքանչիւր հայու ինքնութեան պաշտպանման եւ գոյութեան երաշխիքի՛ տօնը: Քո՛ւ եւ ի՛մ տօնը՝ ըլլալու արդար ժառանգորդները Առաջին Հանրապետութիւնը կերտած սերունդին եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի յաւերժութիւնը դարձնելու մեր ազգային իտէալներուն եւ հայրենաշէն ու ապագայավառ գործունէութեանց կիզակէտը:

Եկէ՛ք, հեղ մը եւս խոնահինք յիշատակին առջեւ՝ Մայիս 28 կերտած եւ մինչեւ Արցախի հողերուն վրայ անմահացած անցեալ եւ ներկայ մեր բոլոր հերոսներուն եւ զոհուած ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց նահատակութեամբ արժանի ըրին մեզ տեսնելու՝ այնքա՜ն բաղձալի ազգային մեր դրօշին՝ Եռագոյնի՛ն հպարտ ու անարգել ծածանումը:

Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը:

 

 Տ. Թորգոմ  եպս. Տօնոյեան

 Թեմակալ Առաջնորդ  Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին