image

Ատրպէյճանցիք Շուշիի մէջ նշած են Հայրենական պատերազմի 76-րդ տարեդարձը (Լուսանկար)

Ատրպէյճանցիք Շուշիի մէջ նշած են Հայրենական պատերազմի 76-րդ տարեդարձը (Լուսանկար)

 

Շուշիի մէջ ատրպէյճանցի զինուորականները հանդիսաւորութեամբ նշած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաղթանակի 76-րդ տարեդարձը: Minval.az կայքի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է երկրի պաշտպանութեան նախարարոթիւնը՝ լուսանկարներ հրապարակելով միջոցառումէն:

 

Նշուած է, որ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են պատերազմին զոհուածներու յիշատակն ու կատարած երկրի օրհներգը:

Զինուորական նուագախումբը ռազմական երգեր կատարած է: Արարողութիւնն աւարտած է զինուորականներու երթով: