image

Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը կը սկսի միասնակամութեամբ. Մարալ Ներսէսեան

Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը կը սկսի միասնակամութեամբ. Մարալ Ներսէսեան

«Յորդանանահայ համայնքը անգամ մը եւս ապացուցեց աշխարհին, որ հայը կը շարունակէ ապրիլ ու արարել»,-Յորդանանի մէջ «Խոստումը» ժապաւէնի ցուցադրութեան առթիւ «Արեւելք»ին հետ զրուցելով՝ ըսաւ յորդանանահայ, «Վարդավառ» երգչախումբի կազմակերպչական հարցերու պատասխանատու Մարալ Ներսէսեանը:

Նշենք, որ Յորդանանի մէջ ֆիլմի ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր Մարալ Ներսէսեանի ջանքերով, «Վարդավառ» երգչախումբի համագործակցութեամբ:

«Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ 25 ապրիլին տեղի ուեցաւ «Խոստումը» ֆիլմի առաջին (փրեմիերա) ցուցադրութիւնը: Ամմանի բոլոր շարժանկարի սրահներէն ներս ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի հանրութեան 27 ապրիլին, 2 շաբաթ շարունակ»,-տեղեկացուց Մարալ, նշելով, որ շարժապատկերի սրահի պատասխանատուները, դիմելով իրեն, խնդրած են յորդանանահայութեան համար առանձին ցուցադրում մը կազմակերպել, որուն մեր զրուցակիցը ընդառաջած է: 

«Արեւելք»ի այն հարցին, թէ արդեօք թրքական պետութեան կողմէ ժապաւէնի ցուցադրման դէմ բանեցուած  ճնշումներու ալիքը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ Յորդանանի մէջ, Ներսէսեան պատասխանեց, որ ինք նոյն մտահոգութեամբ այս հարցը ուղղած է «Թաճ» շարժանկարի սրահի տնօրինութեան, որուն կը պատկանի Յորդանանի մէջ ֆիլմը ցրուելու իրաւունքը: «Սրահի տնօրինութիւնը հաւաստիացուց, որ այնքան ժամանակ, որ Յորդանանի պետական գրաքննութիւնը արտօնութիւն տուած է ֆիլմի ցուցադրութեան, ոչ մէկ հարց կրնայ ստեղծուիլ: Պետական գրաքննութիւնը համաձայնած է ցուցադրութեան եւ բոլոր սրահները իրաւունք ունին այն ցուցադրելու»:



 

Խօսելով առաջին ցուցադրութեան մասին, օրդ. Ներսէսեան յայտնեց, որ Ամմանի նշանաւոր  «Թաճ» շարժանկարի սրահէն ներս (Taj Cinemas) մեծ շուքով կայացած է «Խոստումը» ֆիլմի փրեմիերան:  «Տրամադրուած երկու դահլիճները լեփ-լեցուն էին. ներկայ էր 330 անձ»,- ըսաւ Մարալ, նշելով, որ Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրման ներկայ գտնուած է նաեւ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս Պր. Արթուր Սքլճեանը։

« «Խոստումը» ֆիլմի յորդանանեան անդրանիկ ցուցադրումը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ»,-ըսաւ «Արեւելք»ի զրուցակիցը եւ առիթը բաց չթողելով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հաշիմական ընտանիքին, որ ջարդերէն մազապուրծ եղած հայերուն ջերմօրէն ընդունեց եւ Շէրիֆ Հիւսէյն Պըն Ալիի 1917-ի հրամանագրի համաձայն հաւասար իրաւունքներ շնորհեց հայերուն։

« «Խոստումը» ֆիլմը ցեղասպանութիւնը այլ ազգերուն ծանօթացնելու համար նոր տարբերակ կրնայ հանդիսանալ»,- ըսաւ Ներսէսեան, եզրափակելով զրոյցը: