image

Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ․ Արցախի թեմի առաջնորդ

Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ․ Արցախի թեմի առաջնորդ
Կը դիմեմ մեր բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն, ստեղծելու աղօթքի միահամուռ շղթայ եւ երկու ժամը մէկ աղօթք ընելու եւ զօրաւիգ ըլլալու մեր բանակին։ Միասնութեան կոչ ըրած է Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը։

 

«Կը դիմեմ հայ ժողովուրդին,
Սիրելի հայրենակիցներ, կոչ կ'ընեմ ըլլալու միասնական, ամուր, անկոտրուն։ Այս անգամ եւս ապացուցենք , որ մեր միասնականութիւնը անպարտելի ուժ է։
Կը դիմեմ Արցախի ժողովուրդին,
Սիրելի արցախցիներ, սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, խոհեմ ու խիզախ։ Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ:
Կոչ կ'ընեմ աղօթելու մեր երկրի անվտանգութեան, յաղթանակի եւ ապահովութեան համար։
Կը դիմեմ մեր բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն,
Ստեղծելու աղօթքի միահամուռ շղթայ եւ երկու ժամը մէկ աղօթք ընելու եւ զօրաւիգ ըլլալու մեր բանակին։
 Աստուած մեզի պահապան, զօրավիգ եւ օգնական»,- գրած է ան։