image

Սիւնիքի մէջ «Քորոնա»ի 25 վարակակիրներ կան. Մարզպետ

Սիւնիքի մէջ «Քորոնա»ի 25 վարակակիրներ կան. Մարզպետ

Սիւնիքի մարզի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 25, մեկուսացուած՝ 9 անձ կայ։ Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերի ժամանակ ըսած է Սիւնիքի մարզպետ Յունան Պօղոսեանը։

«Սկզբնաղբիւրը, որպէս կանոն, Կապանի եւ Մեղրիի մէջ գրանցուած դէպքերն են, բոլոր պարագաները գրեթէ փոխկապակցուած են։ Ունինք նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութենէն վերադարձած մեր հայրենակիցի մօտ հաստատուած դէպք։ Ինքնամեկուսացման ռեժիմի մէջ կը գտնուինք գրեթէ բոլորս, բայց պարտադիր ինքնամեկուսացման մէջ գտնուողներու թիւը կը մօտենայ հազարի»,- նշած է ան։