Սիսիանի մէջ երէկ տեղի ունեցած միջադէպի հետեւանքով հիւանդանոց տեղափոխուած են 3 քաղաքացիներ, որոնք Հայր Ներսէսի ընտանիքի անդամներ են։ Հոգեւորականը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ համոզուած է, որ հայրն ու եղբայրը չեն հրահրած եւ որեւէ կերպ չեն ստեղծած իրավիճակ, որ իրաւապահները բռնութիւն գործադրեն անոնց նկատմամբ։
Նշենք, որ ըստ մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերու՝ միջադէպին մասնակից եղած է նաեւ Սիսիանի ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը։ NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ոստիկանութեան լրատւութեան բաժնէն յայտնած էին, որ միջադէպի վերաբերեալ կ'իրականացուի ծառայողական քննութիւն:
Հայր Ներսէսը հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ շատ վիրաւորուած ու վրդովուած է միջադէպէն։
«Երբ այդ մոլագար ոստիկանապետը մէկանգամէն յարձակած է եղբօրս վրայ ու սկսած է հայհոյել, հայրս միջամտած է, հօրս նոյնպէս հայհոյած ու հարուածած է։ Հօրեղբօրս տղան այդ ամէնը տեսանկարահանած է, ու այդ պահուն անոր ձեռքէն վերցուցած են հեռախօսն ու ջնջած տեսանիւթը, անոր նոյնպէս ծեծած են»,- պատմած է հոգեւորականը։
Հայր Ներսէսն ըսած է, որ եղբայրը թոքերու ծանր վիրահատութիւն ունեցած է, ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին յորդորած են չհարուածել. «Հօրեղբօրս տղան ըսած է, որ եղբայրս ծանր վիրահատութիւն տարած է, աւելի լաւ է իրեն ծեծէ, իսկ ոստիկանապետը մոլագարի նման ըսած է՝ թող մեռնի։ Իմ 70-ամեայ հօրը հայհոյած, ձեռք առած է, կոկորդէն բռնած է, ատամնաշարը ինկած է բերնէն: Սա կատարեալ ամենաթողութիւն է, ողբերգութիւն։ Այս կատարուածը բանականութեան սահմաններու մէջ չի մտներ, պարզապէս անբարոյականութեան գագաթնակէտն է։ Ես հետեւողական պիտի ըլլամ, որպէսզի արդար քննութիւն երթայ, հետեւողական պիտի ըլլամ եւ որպէս ՀՀ քաղաքացի, եւ որպէս տուժածի ընտանիքի անդամ։ Ես ամէն կերպ պիտի ջանամ, որ սա քաղաքական կերպով չնայուի, իմ նպատակն ու ցանկութիւնն է, որ օրէնքի համապատասխան կարգով մեղաւորները պատժուին»։
Ան պատմած է, որ այդ միջադէպին եղած են նաեւ ականատեսներ. «Երբ բերման կ'ենթարկեն հօրս, եղբօրս ու հօրեղբօրս, ինքնաբուխ կը սկսին քաղաքացիներ հաւաքուիլ եւ իրենց բողոքն արտայայտել կատարուածի մասին։ Մենք հարկ կը վճարենք, որ օրինապահները այսպիսի քայլերու դիմեՋն»։
Հայր Ներսէսը յայտնած է, որ երէկուան համեմատ այսօր հայրը, եղբայրն ու հօրեղբօր տղան լաւ կը զգան իրենց, դուրս գրուած են հիւանդանոցէն։
«Հայրս ծանր հոգեբանական վիճակի մէջ է։ Կը պատկերացնէք, իր որդիի տարիքին մոլագար մը հայհոյէ ու ծեծէ իրեն»։