Եգիպտոսի նախագահ՝ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսի պուլկարական RTP հեռուստակայանի հետ հարցազրոյցին, իր աջակցութիւնը յայտնած է «Ազգային բանակներուն», որոնց շարքին նաեւ սուրիական բանակին, հակասելով Եգիպտոսի աջակից Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքին: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ նախագահ Սիսի շեշտած է, թէ նախընտրելի է, որ երկիրներու «Ազգային բանակները» ապահովեն անվտագութիւնն ու կայունութիւնը, որպէսզի այս պարտականութեամբ այլ ուժերու գետնի վրայ գոյութիւնը զգայնութիւններ չստեղծէ»:
Նշենք, որ Եգիպտոսի նաւթի նախարարութիւնը հոկտեմբերին յայտնած էր, թէ Սէուտական Արաբիա կասեցուցած է նաւթային մատակարարումները դէպի Եգիպտոս, վերջինին ՄԱԿ-ի նիստին Ռուսիա-Սուրիա որոշման կողմ քուէարկութեան պատճառով:
Սիսի շեշտած է Սուրիոյ մէջ «քաղաքական լուծումներ» գտնելու անհրաժեշտութեան: Ինչպէս նաեւ լաւատեսութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ՝ Տոնալտ Թրամբի նկատմամբ, հաւանութիւն տալով Թրամբի արշաւին, որուն նպատակներէն է՝ փաստակէտեր կազմել ԱՄՆ գտնուող իսլամներու մասին, «Իւրաքանչիւր երկիր կը փորձէ անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովել իր երկրին եւ բնակիչներուն համար»,- ըսած է ան: