image

Սեւակ Պալըքճիի դատը դարձեալ յետաձգուած

Սեւակ   Պալըքճիի  դատը դարձեալ յետաձգուած

Թուրքիոյ  բանակին մէջ ծառայութեան ժամանակ  դաւադրօրէն սպաննուած  հայազգի Սեւակ Պալըքճիի երկու օր առաջ նախատեսուած  դատը դարձեալ յետաձգուած է: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Պալըքճիի հարազատներէն: Մեր տեղեկութիւններուն  համաձայն, թուրք զինուոր  Քվանչ Աղաօղլուի փամփուշտներով սպաննուած Սեւակի  դատը յետաձգուած է դէպքին ականատես եղած   անձերու արձանագրուած վկայութիւններուն դատարան չհասնելուն  պատճառով:  Հաղորդենք  նաեւ, որ  այս դատին իր մասնակցութիւնը բերելու համար  Երեւանէն Պոլիս մեկնած էր նաեւ   Սեւակի   քոյրը ՝  Լեռնա  Պալըքճին:  Այս առաջին անգամը չէ, որ Սեւակի  սպաննութեան     գործը քննող   դատական նիստը  կը յետաձգուի, մինչ  Սեւակը  սպաննող ոճրագործ՝ Քվանչ Աղաօղլու  «ազատ համարձակ» իր  բնականոն կեանքը կը շարունակէ բանտէն  դուրս: Յիշեցնենք, որ Պալըքճի սպաննուած էր 24 Ապրիլ 2011-ին, երբ  իր  հետ ծառայութեան մէջ  եղող  Քվանչ Աղաօղլու կրակ  բացած ու սպաննած էր զինք: Կարճ ժամանակով բանտը մնացած   Աղաօղլու աւելի ուշ դատարանին  որոշումով ազատ արձակուած էր՝  հիմք ունենալով  այն վարկածը, թէ Պալըքճին սպաննուած է ոչ թէ միտումնաւոր  կերպով, այլ՝  արկածի հետեւանքով: