image

Սանան Շիրինեան «Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարան» ի Տնօրէն նշանակուեցաւ

Սանան Շիրինեան  «Արի Կիրակոս Մինասեան  Վարժարան» ի  Տնօրէն նշանակուեցաւ

Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գործող հայկական վարժարաններու Խնամակալ մարմինը Սանան Շիրինեանին նշանակած է Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի տնօրէն:

 

Շիրինեան իր կնոջական հարցերու ուսմանց գծով Պսակաւոր Արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA), իսկ մարդկային իրաւանց գծով մագոստրոսի վկայականը՝ Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանէն:

 

Սանան Շիրինեան ներկայիս կը դասաւանդէ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանին մէջ, միեւնոյն ժամանակ աշխատելով իբրեւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհուրդի անդամ Մաթ Տապապմէի հասարակական կապերու օգնական: Ան նաեւ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ մարդասիրական ծրագիրներու եւ այս աշխատանքներու ծիրէն ներս է, որ տակաւին վերջերս մեկնած էր Յորդանան՝ տարբեր ոլորտներու մէջ օգտակար հանդիսանալու Սուրիայէն փախուստ տուած գաղթական երեխաներուն:

 

2009-2013 թուականներուն Շիրինեան վարած է Միացեալ Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի ատենապետի պաշտօնը, իսկ 2013-14 տարիներուն խմբագրած է «Հայդուկ» պարբերաթերթը:

 

Շիրինեան իր ներդրումը բերած է նաեւ համայնքի երիտասարդութեան դաստիարակչական աշխատանքներուն մէջ, դասախօսական շարք մը մատուցելով ՀԵԴ պատանեկան սեմինարի ընթացքին, ինչպէս նաեւ դասախօսելով ՀԵԴ ճամբարի եօթ հարիւրէ աւելի մասնակիցներուն:  Սանան նաեւ գլխաւոր պատասխանատուներէն եղած է ՀԵԴի Հայաստանեան ամառնային ճամբարներու ծրագիրին:

 

«Մենք կ՛ուզենք նախ մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել տիկին Գոհար Զահէրին, որ 2009էն ի վեր պարտաճանաչօրէն կատարած է Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը, դպրոցը հասցնելով հպարտութիւն ներշնչող բարձր մակարդակի: Ապա կ՛ուզենք ուրախութեամբ հանրութեան հետ կիսել մեր խանդավառութիւնը ի տես Սանան Շիրինեանի Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ունեցած տեսիլքին», յայտարարեց Խնամակալ մարմնի ատենապետ Լիզա Կապուտեան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ ծնողները մեծապէս պիտի գնահատեն Սանանի մանկավարժական հմտութիւնն ու երիտասարդ-պատանի սերունդին հետ աշխատելու հարուստ փորձառութիւնը, որոնք զինք կը դարձնեն տնօրէնի պաշտօնին արժանի անձնաւորութիւն մը:

 Նիւթի աղբիւր՝ «Ասպարէզ»