image

«Իշխանութիւնը գիտակցելով որ ժամանակը իր թշնամին է, ուզեց աճապարանքով ընել այս ընտրութիւնը» Դոկտ. Սահակ Անտէքեան

«Իշխանութիւնը գիտակցելով որ ժամանակը իր թշնամին է, ուզեց աճապարանքով ընել այս ընտրութիւնը» Դոկտ. Սահակ Անտէքեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Ամերիկա հաստատուած եւ արմատներով լիբանանահայ քաղաքագէտ՝  Դոկտ. Սահակ Անտէքեան.

 

-Ընտրութիւններուն ընդառաջ, ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։

 Կը  կարծեմ, որ հայութեան մէջ՝ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ապրող, բաժանարար գիծեր ստեղծուած են, մեկնելով կարգ մը հիմնական նիւթերու շուրջ մարդոց ունեցած տարբեր ընկալումներէն: Առաջին կէտը այն է, թէ ինչ տեսակի Հայաստան կ'ուզենք տեսնել, ինչ է Հայաստանի մեր տեսիլքը, երկրորդը՝ 44-օրեայ Արցախի պատերազմի շուրջ տարբեր կարծիքներն ու գնահատականներն են՝ թէ ինչպէս վարչապետ Փաշինեանը վարեց իրավիճակը. Իսկապէս մեծ կորուստը որ եղաւ՝ ըլլայ մարդկային, տարածքային, հողային, բարոյական, շատ ծանր էր, եւ շատերը յուսախաբ եղան Փաշինեանի առած քայլերէն, եւ այդ էր պատճառներէն մէկը, որ արտահերթ ընտրութիւն կազմակերպելու պահանջք առաջացաւ։

Ուրեմն, եթէ ընտրութիւններէն ետք տիրող իրավիճակին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չըլլայ, չեմ կարծեր որ հիմնական եւ արմատական փոփոխութիւն կրնայ ըլլալ Հայաստանի լարուած քաղաքական կեանքին մէջ:

Ուղղահայեաց բաժանում մը կայ քաղաքական կեանքին մէջ, այդ անջրպետը որ ստեղծուած է բաւական մեծ է, սակայն այդ չի նշանակեր, որ անյոյս վիճակ է, սակայն այդ ճեղքը գոցելը ժամանակի ընթացքին աւելի կը դժուարանայ։

 

-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Գալով Կիրակի օրուայ ընտրութիւններուն, ես կը կարծեմ որ շատ մեծ փոփոխութիւն մը պիտի չըլլայ, քանի որ կացութիւնը, մթնոլորտը եւ իրավիճակը որ ստեղծուած էր պատերազմէն ետք, տակաւին նոյնն է, բան չէ փոխուած, հետեւաբար այս պայմաններուն մէջ եթէ ընտրութիւն ըլլայ՝ նոյն մարդիկը, նոյն քաղաքական դէմքերը դարձեալ  պիտի  յայտնուին  հրապարակին  վրայ: Սակայն եթէ ժողովուրդին աւելի ժամանակ տրուէր, որպէսզի մարսէ եւ ըմբռնէ պատահածը ամբողջ պատերազմի շրջանին եւ վերջին 6 ամսուայ ընթացքին, տրամադրութիւններու որոշ փոփոխութիւն մը  ըլլար մարդիկ կը փոխէին իրենց կեցուածքը։

 Դժբախտաբար,  իշխանութիւնը գիտակցելով որ ժամանակը իր թշնամին է, ուզեց աճապարանքով ընել այս ընտրութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը աւելի զգացական մօտեցում ունենայ, քան՝ տրամաբանական:

Հետեւաբար, ես կը կարծեմ որ գալիք ընտրութիւնները շատ բան պիտի չփոխեն, եւ դժբախտաբատ այդ ճեղքը, որուն մասին խօսեցայ քիչ առաջ, աւելի պիտի մեծնայ եւ խորանայ, բացի եթէ նոր իշխանութիւնը, ներառեալ Փաշինեանը, եթէ ինք մնայ, փոխէ իր քաղաքական կեցուածքը եւ ընթացքը, եւ սկսի նկատի առնել համայն հայ ժողովուրդի ազգային շահերը:

 

-Նոր խորհրդարանի  կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։

Նոր իշխանութիւնը շատ ընելիք ունի, նախ եւ առաջ պէտք է վերաշահի ժողովուրդին վստահութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը համախմբուի իշխանութեան շուրջ, նաեւ պէտք է վերացնէ ժողովուրդի միջեւ ստեղծուած պառակտումը, լսէ ժողովուրդին, նկատի առնէ անոր մտավախութիւնները, եւ ժողովուրդի պահանջքները նկատի առնելով մշակէ իր ապագայ քաղաքականութիւնը՝ ըլլայ Արցախի հարցով, բանակի կազմակերպման հարցով, ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մէջ կողմնորոշման հարցով,  եւ ոչ թէ քաղաքական մարմինը որոշում առնէ եւ ժողովուրդին համոզէ, որ թիկունք կանգնի այդ որոշումներուն, այլապէս նոյն խնդիրներուն   դէմ հանդիման  պիտի  գտնուինք։

Գալով տնտեսական իրավիճակին, այսօր շատ լուրջ եւ խոր հարց կայ, ոչ միայն Հայաստանի պարագային, այլ ընդհանուր աշխարհի մէջ, բայց, դժբախտաբար, Հայաստանի պէս քիչ թիւով բնակչութիւն ունեցող, փոքր պետութեան մը համար աւելի շուտ եւ աւելի յստակ կ'երեւի  տագնապին  ժխտական ազդեցութիւնները: Ուստի, նաեւ այդ ուղղութեամբ հիմնական աշխատանք պէտք է տարուի, որպէսզի այս տնտեսական տագնապները յաջողութեամբ յաղթահարենք:

Նոր իշխանութիւնը եւ կառավարութիւնը նաեւ պէտք է սփիւռքի հետ իր կապը աւելի զօրացնէ, որպէսզի սփիւռքն ալ աւելի օգտակար հանդիսանայ իրեն, տարբեր ձեւերով եւ տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ուսումնական, կրթական, տնտեսական, քաղաքական եւ այլն:

Նաեւ չպէտք է մոռնանք, որ մենք ունինք հզօր թշնամի մը, որուն մասին պէտք է լրջօրէն մտածել  եւ ռազմավարական ծրագիր  մշակել։Այս ուղղութեամբ նաեւ պէտք է  ուժեղ  արտաքին քաղաքական դաշնակիցներ ձեռք բերենք, նաեւ մեկնելով այն սկզբունքէն, որ՝ «թշնամիիս թշմամին բարեկամս է»,  ու հաւանաբար  դաշնակցինք Եգիպտոսի հետ, արաբական ծոցի կարգ մը երկիրներու հետ՝ Սէուտական Արաբիոյ,  Իմարաթի, որոնք բոլորն ալ Թուրքիոյ թշնամին են, եւ անոնց հետ Թուրքիոյ դէմ ճակատ մը կազմելով, մեր իրաւունքները պաշտպանենք եւ մեր ապագան ապահովենք տարածաշրջանին մէջ: