Անցած գիշեր Արցախեան սահմանին հակառակորդը՝ տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 60 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 970 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, սահմանագծի հարաւային ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ականանետ (3 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագծի վրայ եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական դիրքերու պահպանութիւնը: