image

Սաղիմահայ ազգային գործիչ Սերոբ Սահակեան «տարուած է» ոստիկանութիւն ու ապա ազատ արձակուած

Սաղիմահայ  ազգային գործիչ  Սերոբ Սահակեան «տարուած է» ոստիկանութիւն ու ապա ազատ արձակուած

Սաղիմահայ ազգային գործիչ Սերոբ Սահակեան երէկ Երուսաղէմի պատրիարքարանի «կարգ մը» միաբաններու դրդումով տարուած է վանքի մօտ գտնուող  ոստիկանութեան կեդրոն ու հարցաքննուելէ ետք  ազատ արձակուած: Կիրքերը թէժացած են, երբ Սահակեան վանքի կալուածոց հարցերու պատասխանատու Տ. Պարէտ. Ծ.Վրդ. Երէցեանին այցելելէ ետք դէմ հանդիման գտնուած է ոստիկանական ուժերու վարդապետին գրասենեակ մուտք գործելու ու ապա անոնց առաջնորութեամբ «տարուած է» ոստիկանատուն: «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով Սահակեան Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. այցելելով փորձած է իր ու վանքին միջեւ եղած հարցը լուծել երկխօսութեան ճանապարհով, սակայն անգամ մը եւս հանդիպած է վանքի պատասխանատուներու «խուլ ականջներ»ուն: Սահակեանի  ծանօթ անձնաւորութիւն մը «Արեւելք»ին խօսելով ըսաւ, թէ «Սերոբ Սահակեանի հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ իր ունեցած հարցը լուծուի, ոչ թէ դատարաններուն մէջ, այլ վանքի պատասխանատուներուն հետ հանգելով որոշ համաձայնութեան մը»: Նշենք, որ խնդիրը կը վերաբերի  հօրենական իրաւունքով Սահակեանի իրաւունք եղած յարկաբաժինին, որ Երուսաղէմի պատրիարքարանի «որոշ» պատասխանատուներ կ'ուզեն իւրացնել եւ անկէ  «դուրս նետել» Սահակեանը:

Մեր տեղեկութիւններով, ներկայիս հարցը փոխադրուած է դատական հարթութիւն ու իսրայէլեան ոստիկանատան պատասխանատուներ Սահակեանին յայտնած են, թէ վանքի «որոշ» միաբաններ ամբաստանագիր մը  պատրաստած են վերջինիս դէմ, բայց ոստիկանութիւնը այդ ամբաստանագրին մէջ Սահակեանի բանտարկութիւնը արդարացի դարձնող, ոչ մէկ օրինական կէտ չէ գտած: