image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ ՊՆ-ը հաստատած է Հալէպի մէջ ահաբեկիչներու կողմէ քիմիական զէնքեր օգտագործելու փաստը

Ռուսիոյ ՊՆ-ը հաստատած է Հալէպի մէջ ահաբեկիչներու կողմէ քիմիական զէնքեր օգտագործելու փաստը

Այսօր, 21 Նոյեմբերին, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակը յայտարարած է, որ ռուս փորձագէտներու կատարած քննութիւնները ցոյց տուած են, որ զինեալ ահաբեկիչներ Հալէպի մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործած են, կը յայտնէ «RT Arabic»:

Ան նշած է, թէ Հալէպի հարաւ-արեւմտեան թաղամասերէն վերցուած 9 փորձանմոյշներու մէջ քլոր եւ սպիտակ ֆոսֆոր յայտնաբերուած է, աւելցնելով, որ Քիմիական Զէնքի Արգելման Կազմակերպութիւնը տակաւին փորձագէտներ չէ ուղարկած Հալէպ՝ հակառակ Ռուսիոյ կողմէ բազմիցս հնչած համագործակցութեան կոչերուն:

Յիշեցնենք, որ Սուրիա 2013 թուականէն հաւանութիւն յայտնած էր Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջոցով իր քիմիական զինամթերքը ոչնչացնելու որոշման: