Այսօր, 21 Նոյեմբերին, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակը յայտարարած է, որ ռուս փորձագէտներու կատարած քննութիւնները ցոյց տուած են, որ զինեալ ահաբեկիչներ Հալէպի մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործած են, կը յայտնէ «RT Arabic»:
Ան նշած է, թէ Հալէպի հարաւ-արեւմտեան թաղամասերէն վերցուած 9 փորձանմոյշներու մէջ քլոր եւ սպիտակ ֆոսֆոր յայտնաբերուած է, աւելցնելով, որ Քիմիական Զէնքի Արգելման Կազմակերպութիւնը տակաւին փորձագէտներ չէ ուղարկած Հալէպ՝ հակառակ Ռուսիոյ կողմէ բազմիցս հնչած համագործակցութեան կոչերուն:
Յիշեցնենք, որ Սուրիա 2013 թուականէն հաւանութիւն յայտնած էր Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջոցով իր քիմիական զինամթերքը ոչնչացնելու որոշման: