Պարսկական «Շարք» պարբերականը զեկոյց մը հրապարակած է՝ «Նոկա ռազմակայան վերադարձի ռուսերու ջանքերը» խորագրով, որուն մէջ բացայայտած է, թէ Ռուսական Դաշնութեան Խորհուրդի (Խորհրդանական առաջին գրասենեակ) նախագահ՝ Վալենթինա Մաթովինքօ, շաբաթավերջին, Թեհրան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, քննարկումներ կայացուցած է ռուսերու իրանեան Համատան քաղաքի ռազմակայան վերադարձին մասին:
Նշենք, որ «Նոկա» ռազմակայանը կը գտնուի Պարսկաստանի արեւմուտքը Համատան քաղաքին մէջ, ուր Մոսկուա ամիսներ առաջ տեղադրած էր իր կործանիչները, Սուրիոյ ահաբեկիչներուն դէմ յարձակումներ մղելու նպատակով:
Ըստ «Ալ-Մայատին»-ի, պարսկական պաշտօնական «Իսնա» լրատուական գործակալութիւնը հաւանականնկատած է Ռուսիոյ «Նոկա» ռազմակայան վերադարձը, որ լրատուամիջոցներու կողմէ ծանօթ է նաեւ Համատանի ռազմակայան անունով:
Անցեալ Օգոստոսին, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, յայտարարած էր, թէ ռուսական ինքնաթիռներ սուրիական քաղաքներու մէջ թիրախներ զարկած են, Համատանի օդակայանէն թռիչք առնելէ անմիջապէս ետք:
Յայտնենք, որ Թեհրան՝ 1979-ի Իսլամական յեղափոխութենէն ետք, առաջին անգամն է, որ իր զինուորական կեդրոնները կը բանայ օտար երկրի առջեւ: Օդակայանի բացումը՝ երկրին մէջ, երկու տարակարծութիւններու հանգեցուց: Շատեր շնորհաւորեցին, իսկ ուրիշներ քննադատեցին: Պարսկաստանի վարչապետը իր կարգին հերքեց ռուսական զօրակայաններու հաստատումը երկրէն ներս, պարզելով, որ Համատան օդակայանը որոշ ժամանակի մը համար պիտի օգտագործուի մինչեւ Սուրիոյ իրավիճակին փոփոխութիւնը: