ՌԴ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը փոխանցած է Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, թէ ոչ հաւաստի է ռուսական լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած տեղեկութիւնները այն մասին, որ ՌԴ-ն կրնայ դադրեցնել 100 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրով Հայաստանին զէնք մատակարարելու գործընթացը:
Ռուսական Կոմերսանթ թերթը, նախօրէին վկայակոչելով իր աղբիւրները, գրած էր, որ Ռուսիոյ մէջ կը քննարկուին 100 միլիոն տոլարի զէնքի մատակարարումը Հայաստանին։