Հանրապետական Ռենտ Փոլը 26 յունուարին Սենատի մէջ քուէարկութիւն նախաձեռնած է, որու ընթացքին առաջարկած է ոչ սահմանադրական ճանչնալ Թրամբի նկատմամբ պատիժի գործընթացը։ Անոր աջակցած է 45 հանրապետական։ Ընդ որում, եւս հինգը Թրամբին պատիժի ենթարկելու հարցով աջակցած են դեմոկրատներուն։ Քուէարկութեան ընթացքին դեմոկրատներուն միացած են հանրապետականներ Միթ Ռոմնին, Պէն Սասը, Սիւզան Քոլինզը, Լիզա Մուրքովսկին եւ Փեթ Թումին:
ԱՄՆ Սենատին մէջ այժմ 50-ը Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ են, 48-ը՝ Դեմոկրատական, 2-ը՝ անկախ, ընդհանուր՝ 100 օրէնսդիր։ Պատիժներու վերաբերեալ որոշում կայացնելու համար դեմոկրատներուն պէտք է աջակցին 100-էն 67-ը։ Ուստի Թրամբը պատժելուն հասնելու համար դեմոկրատները պէտք է ստանան եւս 12 հանրապետականի աջակցութիւն։
Բացի այդ, Axios հարթակը, յղում ընելով իրազեկ աղբիւրներուն, կը յայտնէ, որ ծերակուտականները կը քննարկեն նաեւ Թրամբը դատապարտելու մասին բանաձեւի ընդունումը:
Նշուած է, որ դեռ պարզ չէ՝ արդեօք այդ բանաձեւը կ'ընդունուի Թրամբի պատիժի փոխարէն, թէ անկէ ետք:
Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Սենատին ներկայացուած է Թրամբը պատիժի ենթարկելու մասին բանաձեւը: