image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսական երկու ռազմանաւեր ուղղուած են դէպի Սուրիա

Ռուսական երկու ռազմանաւեր ուղղուած են դէպի Սուրիա

Երէկ, 23 Նոյեմբերին, թրքական լրատուական միջողները յայտարարած են, որ ռուսական երկու ռազմանաւեր, հատելով Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցները, ուղղուած են դէպի Սուրիա: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Interfax» գործակալությունը:

Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ երկու նաւերու լուսանկարները տարածող լրատուական կայքերը նշած են, որ յիշեալ նաւերը ռուսական նաւատորմիղին մաս կը կազմեն եւ կ'ուղղուին դէպի Թարթուսի նաւահանգիստ, ուր հաստատուած է ռուսական նաւատորմիղի նիւթական եւ գիտարուեստական օժանդակման կեդրոնը:

Թրքական կայքերու հաւաստմամբ, երկու նաւերու ստորջրեայ հատուածի լայնքը կը հաստատէ, որ անոնք շատ ծանր բեռ կը տեղափոխեն:

Ըստ լրատուամիջոցներու, յիշեալ երկու նաւերը, որոնք այս տարեսկիզբէն ի վեր արդէն 9-րդն են, որոնք կը հասնին Սուրիա, Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական օդուժին, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակին համար զինամթերք կը տեղափոխեն: