image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս զինուորականներ եկած են Հայաստան՝ փոխարինելու ծառայակիցներուն

Ռուս զինուորականներ եկած են Հայաստան՝ փոխարինելու ծառայակիցներուն

Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանին մէջ աւարտին հասած  է այն զինուորականներու զառայութեան ժամկէտը, որոնք կը ծառայեն զօրակոչով: Գիւմրիի եւ Երեւանի կայազօրներու զօրամասերու անձնակազմերու փոխարինման միջոցառումները կ'իրականացուէին 2.5 ամսուայ ընթացքին: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՌԴ Հարաւային ռազմական զինուժի մամլոյ ծառայութենէն, զինուորներն ու սերժանտները քաղաքացիական օդանաւներու աւելի քան հարիւր չուերթով Հայաստան տեղափոխուած էին Լենինկրատի, Մոսկուայի, Ռոստովի, Սամարայի, Օրենպուրկի, Չիթայի, Սարաթովի, Վոլկոկրատի մարզերու, Կրասնոտարի եւ Սթաւրոփոլի երկրամասերու ուսումնական կենդոններէն, զօրամասերէն ու զօրամիաւորումներէն: Զօրամիաւորման անձնակազմին հետ աշխատանքի գիծով բաժնի սպաներն ու հոգեբանները համալիր աշխատանքներ կը կատարեն նորակոչիկներու բուժզննման եւ անոնց արագ համակերպման ուղղութեամբ: Գիւմրիի եւ Երեւանի կայազօրներու զօրամասերուն մէջ առաւելագոյն նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են նորակոչիկներու շուտափոյթ համակերպման համար: Նոր ժամանած զինծառայողները տեղաւորուած են նոր, հիմնանորոգուած զօրանոցներուն մէջ, որոնք ունին մարտական պատրաստութեան դասարաններ, մարզասրահներ, խոհանոցներ եւ բաղնիքներ: Ինչպէս նշուած Է մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ, անձնակազմի ծրագրային փոխարինման ընթացքին ռազմակայանի զինծառայողներու թուաքանակը չէ փոխուած: