Ռուսաստանի ռազմածովային նաւատորմը եւ Սուրիոյ ռազմածովային ուժերը համատեղ զինավարժանքներ սկսած են Միջերկրական ծովին մէջ:
Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած են Թարթուս նաւահանգիստին մէջ Ռուսաստանի ռազմածովային ուժերու կայանէն: Զօրավարժութիւններուն մէջ գործի պիտի դրուին ռուսական նաւեր, օդանաւեր «Հմեյմիմ» օդուժի զօրակայանը, հրթիռակիր կատերներ եւ Սուրիոյ ռազմածովային ուժերու ականորս նաւեր: Ինչպէս յայտնած է զինավարժանքներու ղեկավար դերծովակալ Ալեքսանտր Եուլտաշեւը, վարժանքները միտուած են Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ զինուած ուժերու միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնման՝ ապօրինի զինուած կազմաւորումնեու, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ յաջող պայքարին եւ երկու երկիրներու միջեւ փոխգործակցութեան ամրապնդման, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքսը»: