Չորեքշաբթի, 11 մայիսին Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան մէջ պիտի ներկայացուի դոկտ. Ռուպինա Փիրումեանի՝ «The Armenian Genocide in Literature: The Second Generation Responds» (Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ. Երկրորդ սերունդը կը հակադարձէ») նոր հատորը: Սոյն աշխատութիւնը հեղինակին չորրորդ հատորն է, որ կ'ուսումնասիրէ սփիւռքահայ գրականութիւնը: Այս գիրքին մէջ Փիրումեան լուսարձակի տակ կ'առնէ Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը՝ երկրորդ սերունդի հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն վրայ։