image

Ինչքանով ճիշդ են «Քովիտ»ի Astrazeneca պատուաստին մասին տարածուած տեղեկութիւնները

Ինչքանով  ճիշդ են  «Քովիտ»ի  Astrazeneca  պատուաստին մասին տարածուած  տեղեկութիւնները

Մօտ մէկ ու կէս տարի է, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը մտահոգութիւնն ու նիւթն է աշխարհի: Այսօր, «Քովիտ 19»-ի դէմ պայքարելու պատուաստները մշակուելէ ու գործածուիլ սկսելէ ետք, այս անգամ անոնց  արդիւնաւէտութիւնը եւ  ապահովութիւնը  դարձան  աշխարհի ուշադրութեան կեդրոն:

«Քովիտ»ի դէմ պատուաստներէն՝ Astrazeneca-ն օգտագործման դրուելէն ետք լաւ արդիւնքներ չէ արձանագրած: Պատուաստը ստացողներէն շատեր կաթուած անցուցած են, երբեմն նոյնիսկ մահեր պատահած:

Եւրոպական դեղերու գործակալութիւնը, հաստատած է, որ Astrazeneca-ն ինչ որ առումով կապ ունի կաթուածի դէպքերուն հետ: Գործակալութեան պատուաստներու բաժնի պատասխանատու ՝ Մարքօ Քավալըրին աւելցուցած է,  թէ կապը յայտնի է, բայց պատճառն ու հակազդեցութիւնը անյայտ, ան խոստացած է, որ  այս առումով յառաջիկային յայտարարուին կարեւոր  նորութիւններ: «Մասնագէտները դեռ երկար ճամբայ ունին կտրելու, մինչեւ, որ  կատարելապէս հասկնան պատուաստի գործելաձեւը»:

Իր հերթին, օրեր առաջ, դեղերու եւ առողջապահական Բրիտանական ընկերութիւնը՝ (MHRA), յայտարարած է, թէ տակաւին ապացոյց չկայ, որ Astrazeneca-ն կը պատճառէ որեւէ բարդութիւն, այլ ընդհակառակը պատուաստը շատ լաւ կը կատարէ կանխարգիլման իր պարտականութիւնը: Հակառակ այն իրականութեան, որ մահուան 7 դէպք արձանագրուած է Բրիտանիոյ մէջ, ընկերութիւնը կոչ կ'ընէ շարունակելու պատուաստուիլ Astrazeneca-ով: Իսկ Աւստրալիոյ մէջ, մէկ մահուան դէպք արձնագրուելէ ետք, պետութիւնը կոչ ուղղած է հետախուզութիւն կատարել այս պատուաստի ապահովութեան կապակցութեամբ:

Միւս կողմէ Գանատան յայտարարած է, թէ պիտի չպատուաստէ 55 տարեկանէն վար անձերը «Քովիտի» դէմ այս պատուատով  մինչեւ չբացայայտուին վտանգները:

Նշուած է թէ Եւրոպական երկիրներէ կաթուածներու մասին զեկոյցներ ներկայացուելէ ետք, Եւրոպան առկախած է այս պատուաստի գործածութիւնը:

 Իսկ Միացեալ Նահանգներ, արդէն մինչեւ հիմա արտօնութիւն չէր տուած, որ օգտագործուի իր մօտ:

Ի դէպ, Astrazeneca արտադրող ընկերութիւնը, համաձայն իր կատարած փորձերուն,  յայտարարած է թէ իր արտադրանքը 76% տոկոսով ազդու է ժահրին դէմ պայքարելու: Մինչդեռ սկզբնական օրերուն ան կ'ըսէր թէ պատուաստը ազդու է 79% տոկոսով, ինչ որ կասկածներ արթնցուցած է, թէ ներկայացուած փորձերուն արդիւնքները  ամբողջական   ու  նոր չեն:

 

 Նիւթը ՝ «Ալ Արապիյա»էն 

 «Արեւելք»ին  համար  թարգմանեց ՝  Թ.Գ.