Քուէյթը յայտարարած է, որ իրանցի զինուորականներու խումբ մը փորձած է ներխուժել երկրին պատկանող Պուպիան կղզի։ Այս մասին մայիս 12-ին հաղորդած է Քուէյթի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Գերատեսչութեան տուեալներով՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հետ կապուած վեց անձ փորձած են ծովային ճամբով մուտք գործել երկիր։ Տեղական անվտանգութեան ծառայութիւններու հետ բախումներէ ետք յարձակողներէն չորսը ձերբակալուած են, երկուքը՝ փախուստ տուած, նշած է նախարարութիւնը։
Ըստ Al Jazeera-ի՝ Քուէյթի ներքին գործոց նախարարութիւնը իր հերթին յայտնած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է մայիս 1-ին։ Նշուած է, որ ձերբակալուած ռազմածովային սպաները գտնուած են ձկնորսական նաւակի վրայ, որու «նպատակը եղած է թշնամական գործողութիւններ կատարել Քուէյթի դէմ»։ Ըստ գերատեսչութեան՝ անոնք խոստովանած են, որ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը իրենց առջեւ խնդիր դրած է ներթափանցել Քուէյթ։
Կղզիին վրայ յարձակման առնչութեամբ Իրանի դեսպանը կանչուած է Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Քուէյթի արտաքին գործոց փոխնախարար Համատ Սուլէյման ալ Մաշաան մայիս 12-ին պաշտօնական բողոքի գիր յանձնած է Իրանի դեսպան Մոհամետ Թոթոնճիին՝ յայտնելով «Քուէյթի կողմէ այս թշնամական գործողութեան խիստ դատապարտումն ու յանդիմանութիւնը»։
Այնուամենայնիւ, Իրան հերքած է յայտարարութիւններն այն մասին, որ Թեհրան թշնամական գործողութիւններ ծրագրած է Քուէյթի դէմ, հաղորդած է ISNA գործակալութիւնը։
«Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ Քուէյթի անիրաւաչափ գործողութիւնները չորս իրանցի նաւաստիներու նկատմամբ, որոնք իրենց պարտականութիւնները կը կատարէին Meroj Keshtezri Darya նաւուն վրայ եւ Քուէյթի ջուրերը մտած են նաւավարական համակարգի խափանման պատճառով»,- նշուած է հրապարակման մէջ։