Քեսապի մէջ դպրոցական տարեվերջի հանդիսութիւնները կը շարունակուին: 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանի մանկապարտէզի եւ 6-րդ դասարանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի` 15 մայիսին, վարժարանի «Սարդարապատ» սրահէն ներս: